2015-06-21 11:55:00

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Թորինոյի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Թորինոյի ''Piazza Vittorio''  հրապարակին վրայ գլխաւորած համապատարագի սուրբ արարողութեան աւարտին,  նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը յայտնեց. ''այս արարողութեան աւարտին մեր միտքը կ՛ուղղենք Սուրբ Կոյս Մարիամին, սիրող եւ հոգատար Մայր իր բոլոր զաւակներուն հանդէպ` զոր Յիսուս անոր յանձնեց Խաչին վրայէն մինչ Ինքզինք կը նուիրեր այն ամենամեծ Սիրոյ արտայայտութեան մէջ։

Վարշամակը - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը - այդ սիրոյ խորհրդանիշն է, որ Յիսուսի դիմագիծին ու խոշտանգուած մարմնին ընդմէջէն մեզ կը մղէ դէպի ամէն տառապող եւ անարդարօրէն հարստահարուած անհատի դիմագիծին, մեզ կը մղէ Յիսուսի` սիրոյ նուիրումի ճանապարհին վրայ։  Ապա ակնարկեց Թորինոյի բազմաթիւ սրբակեաց անձերուն` սկսեալ Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյէն որուն ծննդեան երկուհարիւրամեան  կը նշուի, ու խօսքը ուղղեց ներկայ գտնուող քահանաներուն եւ կրօնաւորական դասին քաջալերելով զանոնք ուրախութեամբ յառաջ տանելու իրենց հովուական առաքելութիւնը, ձգտելով միշտ աւետարանի հիմնականին։

Սրբազան Հայրը ապա Աստուածամօր հովանիին յանձնեց Թորինօ քաղաքին ու շրջանի բնակչութիւնը որպէսզի կարենան ապրիլ արդարութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մէջ, յատկապէս ընտանիքները, երիտասարդները, տարեցները, բանտարկեալները ու բոլոր տառապողները, յատուկէն յիշելով ''սպիտակարիւնութեան'' հիւանդութենէ տառապողները, Ազգային օրուան նշումին առթիւ։ Մխիթարիչ Մարիամը, Թորինոյի եւ Փիեմոնթէ մարզի Թագուհին, թող ամրապնդէ ձեր հաւատքը, հաստատ պահէ ձեր յոյսը ու պտղաբեր դարձնէ ձեր սէրը, որպէսզի ըլլաք ''Աղ եւ Լոյս'' այս օրհնեալ հողին վրայ, որուն թոռնիկ եմ - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.